Կաղանդի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու նախօրեակին, Վահան Թէքէեան Վարժարանի մանկապարտէզի փոքրիկները, իրենց ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Հազմիյէ շրջանի "City Center" հանրախանութը եւ դիտեցին կաղանդի գոյնզգոյն զարդարանքները։