Այսօր՝մանկապարտէզի մեր փոքրիկները եղնիկի թագերով, իրենց ուսուցչուհիներու առաջնորդութեամբ ուղղուեցան դէպի "Մասթըր Մոլ", դիտելու համար հսկայ տօնածառը եւ մսուրը։ Անոնք իրենց անմեղ ժպիտներով խանդավառութիւն, սէր եւ եռանդ նուիրեցին շրջավայրին , ուրախութեամբ դիմաւորելու Ամանորի այ՛ս տօնը բարի։