Մանակապարտէզ բառացի իմաստով կը նշանակէ «Մանուկներու Պարտէզ», որ նախադպրոցական կրթական մօտեցում մըն է աւանդաբար հիմնուած խաղի, երգի, ձեռային աշխատանքներու, ինչպէս՝ գծագրութեան եւ ընկերային փոխյարաբերութեան: Ան փոխանցումն է տան միջավայրէն դպրոց, այսինքն մանուկին առաջին փորձառութիւնն է օրինական կրթութեան:
Մեր մանկապարտէզը կը կիրարկէ միասնական արդի կրթական մօտեցումը՝ անհատական ուսումնակեդրոններ ստեղծելով դասարաններուն մէջ, որոնք սարքաւորուած են կրթադաստիարակչական խաղալիքներով, աշակերտին բազմազան հմտութիւնները ի յայտ բերելու համար: Աշակերտները տարբեր գործունէութիւններու ընդմէջէն կը սորվին նոր գաղափարներ կազմել ՝ օգտագործելով ձեռնավարութիւններ, որոնք կը նպաստեն անոնց ինքնաճանաչման, անկախութեան, քննադատական մտածողութեան, ստեղծագործութեան եւ այլ հմտութիւններուն: Անհատական մօտեցման ձեւի կիրարկումը կեդրոններուն մէջ կը զարգացնէ մանուկին ինքնահամարման եւ անկախութեան ոգին, հետեւաբար մեծ կամ փոքր խումբերու մէջ աշխատիլը կը զարգացնէ անոր ընկերային կարողութիւնները, ինչպէս՝ համագործակցութիւնն ու կարեկցութիւնը, նաեւ կը սորվեցնէ այլոց հանդէպ օգտակար դառնալու գաղափարը: