Պատմութիւն
 
1951-ին, արտօնութեամբ Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի, կեանքի կոչուեցաւ Պէյրութի վահան Թէքէեան Վարժարանը, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմինին հովանաւորութեամբ եւ Պայքար Ակումբի նախաձեռնութեամբ: Նպատակը՝ Սանճաք եւ Թիրօ թաղերու հիւղաւաններու հայութեան կրթական պահանջները որոշ չափով բարելաւել էր: Յետագային վարժարանին աշակերտութեան թիւը բազմացաւ՝ կարիքը յառաջացնելով աւելի մեծ, եռայարկ դպրոցաշէնքի կառուցման, որուն պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ 7 Մարտ 1965-ին:
 
Երազը իրականանալ սկսած էր 1964ին, շնորհիւ ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմինին նիւթաբարոյական օժանդակութեան, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան յատկացումին, ինչպէս նաեւ Վարժարանիս Ամերիկայի Օժանդակ Յանձնախումբերուն: Ասոնց ջանքերով գոյացած գումարներուն եկաւ աւելնալու Տիար Յակոբ Պարսամեանի սրտաբուխ նուիրատուութիւնը:
 
Իր հիմնադրութեան օրէն մինչեւ այսօր, վարժարանս դաստիարակած է հազարաւր ազգասէր անհատներ, որոնք տարբեր մարզերու մէջ այսօր կը ծառայեն հայ ժողովուրդին: Վարժարանիս կրթական, մարզական, մշակութային, ազգային այս ուշագրաւ յաջողութիւնները կը պարտինք հոգաբարձու ազգանուէր անձնակազմերու, տեսլապաշտ տնօրէններու, ժրաջան ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու, տիկնանց յանձնախումբերու եւ Սանուց Միութեան տքնաջան ու հետեւողական ջանքերուն:
 
Բանաստեղծներու իշխան եւ մեծ հայրենասէր Վահան Թէքէեանի անունը կրող այս կրթօճախը գործել սկսած է մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի դասարաններով միայն: 1991-1992 տարեշրջանին, շնորհիւ նուիրեալներու հետեւողական աշխատանքներուն, դպրոցը կ'ունենայ իր միջնակարգ առաջին դասարանը:
 
Հիմնադրութենէն ի վեր,70 փառապանծ տարիներու վրայ երկարող իր առաքելութեան ընթացքին, Վահան Թէքէեան Վարժարանը արձանագրած է փայլուն արդիւնքներ՝ պետական Պրէօվէի քննութեանց մէջ: Անկասկած, այս աւանդութիւնը պիտի շարունակուի եկող տարիներուն եւս եւ Վարժարանիս աշակերտները յաջողութիւններ ձեռք պիտի ձգեն շնորհիւ իրենց ջանքերուն եւ ուսուցչակազմի անխոնջ աշխատանքին եւ նախանձախնդիրներու նուիրումին:
 
  +961 1 260525 / 260574          

  info@vahantekeyan.com          

  P.O. Box 80060  Bourj Hamoud, Lebanon          

English Français عربي