Մեր վարժարանի առաջնահերթութիւնն է ուսման գործընթացը դարձնել հաճելի եւ զուարճալի: Հետեւաբար, Տարրական ցած եւ բարձրագոյն դասարանները յագեցած են լուսարձակներով (interactive projectors): Ուսուցման ոճը աշակերտակեդրոն է, տարբեր մեթոտներու կիրարկմամբ՝ խմբային աշխատանքի գաղափարը օգտագործելով նախագծային հիմք ունեցող աշխատանքներու մէջ, արդի արհեստավարժութիւններու օգնութեամբ:
Այս միջոցներով աշակերտները խանդավառութեամբ կը փորձեն ներգրաւուիլ դասարանային աշխատանքներուն մէջ, ուսումնական տարեշրջանին գերազանց արդիւնքներ ձեռք բերելու համար: